15 August, 2020

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԹԷՔԷԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴԻՐՆԵՐՈՒ ՄԱՐՄՆԻ ԴԻՒԱՆԻՆ

Շաբաթ, 15 Օգոստոս 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ ընդունեց Թէքէեան Մշակութային Միութեան հիմնադիրներու մարմնի դիւանին այցելութիւնը, գլխաւորութեամբ ատենապետ Յակոբ Գասարճեանի, որուն կ՚ընկերանային Անի Լաջինեան-Մակարեան եւ Տոքթ. Յովիկ Վարդանեան:

 

Այցելութիւնը առիթ մը հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու Թէքէեան Մշակութային Միութեան աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հայութեան դիմագրաւած մտահոգութիւններուն: Այս ծիրէն ներս անոնք յայտնեցին, թէ միութեան կեդրոնը եւ Թէքէեան Վարժարանը լուրջ վնասներու ենթարկուած են Պէյրութի մէջ պատահած պայթումին հետեւանքով:

 

Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ կարեւորութեամբ շեշտեց միասնական ու հաւաքական ոգիով եւ կարելի փութով Լիբանանի հայութեան վերականգնումին հրամայականը, որովհետեւ, ինչպէս անցեալին, նոյնպէս այսօր, համահայկական իր դերակատարութեամբ առանցքային տեղ կը գրաւէ Լիբանանի գաղութը Սփիւռքի հայութեան կեանքին մէջ։

More News