Կիրակի, 9 Օգոստոս 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ՝ հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:
Ս. Պատարագին ներկայ էին Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը, Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, Լիբանանի հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը եւ երեք քաղաքական կուսակցութեանց վերի մարմիններու ներկայացուցիչները:
Իր Հայրապետական պատգամը առ Աստուած ուղղուած գոհաբանական աղօթքով սկսելէ ետք, Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ երեք հաստատումները կատարեց.- Առաջին՝ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ, ՄԵՐ ՈՂՋ ԱԶԳԸ ՔԵԶԻ՛ ՀԵՏ Է: Երկրորդ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԶՕՐԱՑՈՒՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ՈՒ ՍՓԻՒՌՔԻՆ ՀԶՕՐԱՑՈՒՄՆ Է: Երրորդ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ Է, ԱՅՈ՛, ՍԱԿԱՅՆ ԴԷՄ Է ՊԵՏԱԿԱՆ ԻՐԵՆՑ ՊԱՇՏՕՆՆԵՐԸ ՉԱՐԱՇԱՀՈՂ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒՆ: Իւրաքանչիւրին մասին անդրադառնալէ ետք, Նորին Սրբութիւնը Լիբանանի հայութեան վերականգնումը նկատեց համազգային ծրագիր ու մասնակցութիւն: Ան իր պատգամին մէջ շեշտեց, թէ «Լիբանանը միշտ կը մնայ Սփիւռքի մէջ իր առանցքային դերակատարութեամբ կարեւոր համայնք, համահայկական աշխատանքներուն ու տեսլականներուն կարեւոր ներդրում կատարած ու կատարելու կոչուած գաղութ. հետեւաբար, անոր վերականգնումը պէտք է ըլլայ միասնական ճիգով»:
Պատարագի աւարտին, Հայրապետին նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստեան պաշտօն՝ Պէյրութի մէջ պատահած պայթումին հետեւանքով նահատակուած հայորդիներու հոգիներուն համար: