ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԱՂՕԹՔ ՈՒ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԻՆ

Կիրակի, 4 Հոկտեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս աղօթք բարձրացուց առ բարձրեալն Աստուած՝ ի զօրակցութիւն հայոց բանակին, որ արեան նահատակութեամբ կը պաշտպանէ մեր ժողովուրդին ազատ ու անկախ ապրելու Աստուածատուր իրաւունքը: Նորին Սրբութիւնը խնդրեց Աստուծմէ, որ հեռու պահէ Հայաստանը, Արցախը ու ողջ հայութիւնը…