Չորեքշաբթի, 16 Սեպտեմբեր 2020-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի այժմու կացութեան եւ յառաջիկային Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին Լիբանան այցելութեան առնչուած հարցեր: