Կիրակի, 9 Օգոստոս 2020-ին, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, Հայաստանի Խորհրդարանի Լիբանան-Հայաստան բարեկամութեան յանձնախումբի ատենապետ Հրաչեայ Յակոբեան, Հայաստան-Սփիւռք հարցերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան եւ նոյն բաժանմունքի տնօրէնուհի Սառա Անճարկոլեան, «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի տնօրէն Հայկակ Արշամեան եւ փոխ-վարչապետի գրասենեակի օգնական Սերժ Վարագ Սիսեռեան:
Պատուիրակութիւնը Լիբանան ժամանած էր Հայաստանին կողմէ երեք հանգրուաններով Լիբանանին համար կատարուելիք օժանդակութեանց առաջին հանգրուանին թռիչքին հետ: Պատուիրակութիւնը Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց իր առաքելութեան նպատակը եւ յատկապէս Լիբանանի հայութեան կատարուելիք օժանդակութեան զանազան երեսները:
Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց Հայաստանի պետութեան, թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ հայ համայնքին իրենց կատարելիք օժանդակութեանց համար: Միաժամանակ ան յիշեցուց, որ Լիբանանի հայութեան վերականգնումին գծով կատարուելիք նիւթական օժանդակութիւնը պէտք է ըլլայ միասնական ճիգով եւ կազմակերպուած կերպով: Հետեւաբար, փոխանակ մասնակի հանգանակութիւններ ու նուիրատուութիւններ կատարելու կամ կազմակերպելու, այդ աշխատանքները պէտք է կատարուին Կաթողիկոսարանի եւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին կողմէ հաստատուած յատուկ հաշիւներու ճամբով: