15 December, 2020

ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ

Կազմակերպութեամբ Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդին, որուն անդամ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը՝ Իրանի երեք թեմերուն ճամբով, 1-30 Նոյեմբեր 2020-ին տեղի ունեցաւ առցանց դասընթացքներ՝ նախաձեռնութեամբ Խորհուրդի միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու միաւորին։

 

Սոյն դասընթացքներուն մասնակցեցան 38 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ Ասիոյ տարբեր երկիրներէն. Թեհրանէն մասնակցեցաւ Բշ. Անի Քրիստի սարկաւագուհի Մանուէլեանը, Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի կարգադրութեամբ։

 

Յայտնենք, որ նշուած դասախօսութիւնները ներկայացուեցան մասնագէտ դասախօսներու կողմէ, որոնք շօշափեցին հետեւեալ գլխաւոր թեմաները.- միջ-եկեղեցական շարժումներ, կրօնական տարակարծութիւններ եւ միջ-կրօնական երկխօսութիւն, Քրիստոսի վկայութիւնը բազմակրօն Ասիոյ մէջ. մարտահրաւէրներ ասիական եկեղեցիներուն մէջ, եկեղեցին քորոնավիրուս համաճարակի համատեքստին մէջ, կենսոլորտային աստուածաբանութիւն եւ բնապահպանական արդարադատութիւն, կանանց մասնակցութիւնը Աստուծոյ ստեղծագործութեան վերահաստատման գործին մէջ եւ մարդու իրաւունքներու մարտահրաւէրները Ասիոյ մէջ։

More News