30 September, 2020

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՅՏՆԵՑ ՔՈՒԷՅԹԻ ԻՇԽԱՆ ՇԷՅԽ ՍՈՒՊԱՀ ԱՀՄԱՏ ՃԱՊԵՐ ՍՈՒՊԱՀԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Քուէյթի երկար տարիներու ղեկավար Շէյխ Սուպահ Ահմատ Ճապեր Սուպահի մահուան առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանգուցեալի ընտանիքին եւ Քուէյթի վարչապետին ուղղած ցաւակցական նամակով, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ անձնապէս, իր խորազգաց ցաւակցութիւնը յայտնեց:

 

Իր նամակին մէջ Հայրապետը յիշեց Շէյխ Սուպահ Ահմատ Ճապեր Սուպահին ունեցած կարեւոր դերը որպէս արտաքին գործոց նախարար Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն՝ կողմերը հաշտեցնելու եւ լիբանանեան համակեցութիւնը ամուր պահելու գծով: Նորին Սրբութիւնը Շէյխ Սուպահ Ահմատ Ճապեր Սուպահը նկատեց իբրեւ արաբական դատին ջերմ պաշտպանը, ինչպէս նաեւ ազգերու ու կրօններու երկխօսութեան ու գործակցութեան ջատագովը: Իր իշխանութեան օրով Քուէյթը նոր զարգացումներ արձանագրեց ներքին տնտեսական, մշակութային ու կրթական բնագաւառներէն ներս, շեշտեց Նորին Սրբութիւնը։

 

Վեհափառ Հայրապետը նաեւ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Շէյխ Սուպահ Ահմատ Ճապեր Սուպահին հայրական վերաբերմունքին Քուէյթի հայ համայնքին նկատմամբ: Ան ըսաւ, թէ իր հետ ունեցած մեր հանդիպման ընթացքին այնքան դրական կերպով արտայայտուեցաւ հայ համայնքին մասին եւ կարգ մը խնդիրներուն ու ծրագիրներուն գծով անմիջական եւ օգտաշատ լուծումներ տալով: Վեհափառ Հայրապետը իր նամակը եզրակացուց՝ ըսելով, թէ Շէյխ Սուպահ Ահմատ Ճապեր Սուպահը ոչ միայն Քուէյթի, այլ նաեւ արաբական աշխարհին մէջ պիտի մնայ եզակի ղեկավար՝ իր ազնուութեամբ, իմաստութեամբ ու դիւանագիտութեամբ։