Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՐԲԵՐՈՒ «ԱՐԱՄ ՊԷԶԻՔԵԱՆ» ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Տարուան ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը յաճախակի առիթներով կ՚այցելէ Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը եւ մօտէն կը հետաքրքուի թանգարանին աշխատանքներով։ 23 Սեպտեմբեր 2020-ի առաւօտուն, Հայրապետը դարձեալ այցելեց, շրջեցաւ թանգարանի բաժանմունքները եւ գոհունակութեամբ իմացաւ, որ հակառակ համաճարակին ստեղծած դժուար պայմաններուն, թանգարանը կը շարունակէ հայ թէ օտար այցելուներ ունենալ։

 

Նորին Սրբութիւնը շեշտեց խնամակալութեան գործունէութեան վերաշխուժացման հրամայականը։ Այս առիթով, Հայրապետը թանգարանի յուշամատեանին մէջ արձանագրեց. «Այն հայը, որ կ՚այցելէ այս թանգարանը արցունքոտ աչքերով՝ սակայն իր պահանջատիրական կամքը վերանորոգած դուրս կու գայ։ Իսկ օտարը, որ կ՚այցելէ՝ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ հայ ժողովուրդի արդար դատին»։