Ուրբաթ, 18 Սեպտեմբեր 2020-ին, Պքէրքէի մէջ տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ.) Գործադիր Վարչութեան ժողովը: Յայտնենք, որ «քորոնա» ժահրին պատճառով, փոխան Խորհուրդի համաժողովին՝ տեղի ունեցաւ Գործադիր Վարչութեան ժողովը: Վարչութիւնը քննարկելէ ու արժեւորելէ ետք Մ.Ա.Ե.Խ.ին անցնող շրջանի աշխատանքը, յառաջիկայ չորս տարիներուն համար Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար ընտրեց դոկտ. Միշէլ Ապսը:
Դոկտ. Միշէլ Ապսը յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ անդամ է, Սէն Ժոզէֆ համալսարանի մէջ ընկերաբանութեան դասախօս եւ միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական յարաբերութեանց մէջ լայն փորձառութիւն ունի եւ մօտէն ծանօթ է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:
Շաբաթ, 19 Սեպտեմբեր 2020-ին, դոկտ. Ապսը հեռաձայնային խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին հետ՝ վստահեցնելով, որ ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ նուիրումով պիտի կատարէ իրեն վստահուած առաքելութիւնը:
Յայտնենք նաեւ, որ Գործադիր Վարչութեան ժողովին որպէս լիիրաւ անդամներ առցանց կերպով ժողովին մասնակցեցան Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանը եւ Սէն Ժոզէֆ համալսարանի դասախօս դոկտ. Ժան Սալմանեանը: Սրբազան Հայրը հեռաձայնով տեղեակ պահեց Նորին Սրբութիւնը Վարչութեան ժողովին աշխատանքներուն ու որոշումներուն մասին: