ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԻՐ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՅՏՆԵՑ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՊԱՏԱՀՈՂ ՄԵԾԱԾԱՒԱԼ ՀՐԴԵՀՆԵՐՈՒՆ ԳԾՈՎ

Երկուշաբթի, 9 Օգոստոս 2021-ին, Յունաստանի վարչապետին, նախագահին եւ արքեպիսկոպոսին յղած իր նամակներուն մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր ցաւն ու մտահոգութիւնը յայտնեց վերջերս Յունաստանի մէջ պատահած եւ տակաւի շարունակուող մեծածաւալ հրդեհներուն գծով։ Նորին Սրբութիւնը միաժամանակ յայտնեց, որ իր աղօթքներուն մէջ կը յիշէ հրդեհներուն պատճառով զոհ գացած յոյն ժողովուրդի զաւակները։