17 Օգոստոսի, 2021

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Հ.Բ.Ը.Մ.Ի ԱՏԵՆԱՊԵՏԸ

Երեքշաբթի, 17 Օգոստոս 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ Ժերար Թիւֆէնքճեանը: Հ.Բ.Ը.Մ.ի ատենապետը լայն զեկոյց տուաւ Նորին Սրբութեան երկրէն ներս Միութեան կատարած աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին:

 

Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի պատմական գործակցութեան եւ անոր անդամներուն կողմէ Կաթողիկոսարանին կատարուած բարերարութիւններուն՝ յոյս յայտնեց, որ նոյն ոգիով ու նուիրումով պիտի շարունակուի գործակցութիւնը, որովհետեւ այսօր փաստօրէն Անթիլիասը համազգային առաքելութեան եւ ծառայութեան է լծուած:

 

Նորին Սրբութիւնը միաժամանակ իր գնահատանքը յայտնեց Հ.Բ.Ը.Մ.ին՝ Լիբանանի հայութեան վերականգնումին բերած իր աշխոյժ մասնակցութեան համար:

More News