1 Օգոստոսի, 2021

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀՐԱՒԻՐՈՒԱԾ Է G20 ՖՈՐՈՒՄԻՆ ՈՐՊԷՍ ԳԼԽԱՒՈՐ ԴԱՍԱԽՕՍ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հրաւէր ստացաւ իբրեւ գլխաւոր դասախօս մասնակցելու G20 երկիրներու պետերուն հանդիպման նախօրեակին տեղի ունենալիք միջազգային ֆորումին: Նորին Սրբութիւնը պիտի խօսի «Կրօնքին դերը տագնապներու լուծման գծով յատկապէս արաբական աշխարհին մէջ» նիւթին շուրջ:
 
G20 Ֆորումը տեղի պիտի ունենայ Իտալիոյ Պոլոնիա քաղաքին մէջ, 12-14 Սեպտեմբեր 2021-ին, որուն պիտի մասնակցին կրօնական, գիտական, տեղեկատուական, ակադեմական եւ այլ մարզերու առնչուած բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ:

More News