Չորեքշաբթի, 13 Հոկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի գրասենեակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ Միութեան նորանշանակ հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի։
Հայր սուրբը իր որդիական երախտագիտական ու շնորհակալական ապրումները փոխանցելէ ետք Նորին Սրբութեան՝ ներկայացուց իւրաքանչիւր վարչական անդամը ու անոր ստանձնած պատասխանատուութիւնը, ինչպէս նաեւ պարզեց Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.-ի յառաջիկայ տարուան գործութիւնէութիւնը եւ հայցեց Հայրապետին օրհնութիւնը։
Վեհափառ Հայրապետը գնահատելով համալսարանականներուն կողմէ նախաձեռնուած աշխատանքները՝ ըսաւ, որ ուսանողներուն մասնագիտութիւններն ու կազմութիւնը խթան կը հանդիսանան հայ ազգին ու եկեղեցւոյ յառաջդիմութեան։ Ան յանձնարարեց անոնց մօտ մնալ հայկական գաղութներուն ու գործունեայ ներկայութեամբ նպաստեն ազգային-եկեղեցական կեանքին բարգաւաճման ու զարգացման։ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց մեր ազգային կեանքէն ներս Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ին առաւել ներկայութիւն դառնալու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի Միութեան դիմագիծը յստակ ու ճանաչելի դառնայ մեր հայ երիտասարդութեան:
Այս առիթով, Հայրապետը իր օրհնութիւնը տուաւ Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ին եւ գնահատեց Միութեան ծրագիրներն ու աշխատանքները, միաժամանակ շեշտելով ներկայ համալսարանական երիտասարդութեան սպասումներուն ու մտահոգութիւններուն համապատասխան նոր ծրագիրներ մշակելու ու աշխատանքային նոր մեթոտներ որդեգրելու հրամայականը։