6 August, 2021

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ԹԵՄԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Անցնող երկու շաբաթներու ընթացքին, յաջորդական կերպով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը առցանց հանդիպումներ ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերուն հետ: Հանդիպումներուն Վեհափառ Հայրապետին կողքին մասնակցեցան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համա-ատենապետները՝ Տիար Ստեփան Տէր Պետրոսեան (Լիբանան) եւ Տիար Գրիգոր Մահսերէճեան (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ), ինչպէս նաեւ Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Տիար Խաչիկ Տէտէեան: Թեմերուն կողմէ մասնակցեցան առաջնորդ սրբազանին հետ Ազգ. Վարչութեան ատենապետը եւ երբեմն՝ դիւանը:

 

Իւրաքանչիւր հանդիպում տեւեց աւելի քան ժամ մը, որուն ընթացքին զեկոյցներ տրուեցան թեմի աշխատանքներուն մասին, ներկայացուեցան թեմի մտահոգութիւնները եւ յառաջիկայի ծրագիրները: Կատարուած քննարկումներէն ետք Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց թեմերու գործունէութեան՝ հակառակ համաճարակի ստեղծած դժուար պայմաններուն, եւ կատարեց անհրաժեշտ թելադրութիւնները: Նորին Սրբութիւնը յատկապէս շեշտեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր հոգեւորական թէ աշխարհական մարդուժով միշտ պատրաստ է օժանդակելու թեմերու աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն:

 

 

More News