ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԻՐ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ՏՈՒԱՒ ՔԱՌԱՍՆՕՐԵԱՅ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱՆԸ ԱՒԱՐՏԱԾ ՆՈՐԸՆԾԱՅ ԱԲԵՂԱՆԵՐՈՒՆ

Ինչպէս ծանօթ է, 20 Յունիս 2021 թուականին, Անթիլիասի Մայրավանքի Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Դպրեվանքի աւարտական հինգ սարկաւագներու աբեղայական ձեռնադրութիւնն ու օծումը։ Անոնք վերակոչուեցան Տ. Եզեկիէլ, Տ. Եսայի, Տ. Եզրաս, Տ. Եղիա եւ Տ. Երեմիա աբեղաներ։   Մեր եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան համաձայն, նորընծայ աբեղաները քառասնօրեայ պահեցողութեան շրջան մը անցուցին աղօթելով, խորհրդածելով, ընթերցելով եւ իրենց…