Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչական հիմնադրամ»ի հերթական նիստը տեղի ունեցաւ 14 սեպտեմբեր 2021-ին, Պիքֆայա, նախագահութեամբ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին։
Նիստին մասնակցեցան յանձնախումբի ատենապետ Երուանդ Փամպուքեան, անդամներ՝ Շահան Գանտահարեան, Կիրօ Մանոյեան (հեռակայ) եւ Խաչիկ Տէտէեան։
Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց մայիս 18-ին, Երեւանի մէջ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած «Հայաստանի Ա․ Հանրապետութեան 100-ամեակ․գիտաժողովի նիւթեր (21-23 մարտ 2018)» հատորին շնորհահանդէսը։ Հիմնադրամի այս 14-րդ հատորը Հայաստանի Ա․Հանրապետութեան 100-ամեակի առիթով Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցած գիտաժողովին ներկայացուած զեկուցումներու հաւաքածոն է, ուր մէկտեղուած են արխիւային նիւթերու հիման վրայ հիմնուած բազմաոլորտ հետազօտական աշխատասիրութիւնները։
Ապա ժողովը քննեց հրատարակութեան յանձնելի անգլերէն, արաբերէն եւ հայերէն լեզուով հայկական հարցի առնչուած պատմաքաղաքական թէ Հայ Դատի այժմէական նիւթերու առնչուած ուսումնասիրութիւններու հրատարակութեան հարցը։
Նկատի ունենալով Վեհափառ Հայրապետին կողմէ հռչակուած «Արցախի Տարի»ն, յանձնախումբը վերարծարծեց Արցախին նուիրուած գիտաժողով կազմակերպելու հնարաւորութիւնները։
Կը նախատեսուի յառաջիկայ Փետրուարին, Արցախեան շարժման 34-ամեակին առիթով կազմակերպել գիտաժողովը: