30 September, 2021

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՍՈՐԻ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Հինգշաբթի, 30 Սեպտեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ միաբան հայրերու, պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ ասորի կաթողիկէ եկեղեցւոյ պետ Ամենապատիւ Իգնատիոս Եուսէֆ Գ. Եունան Պատրիարքին՝ անոր ձեռնադրութեան յիսնամեակին առիթով։

 

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան հայ եւ ասորի ժողովուրդներուն ու եկեղեցիներուն պատմական յարաբերութեանց, զանազան գաղութներու մէջ երկու եկեղեցիները դիմագրաւող դժուարութեանց, ինչպէս նաեւ երկու եկեղեցիներուն միջեւ գործակցութիւնը աւելի զարգացնելու հրամայականին առնչուած հարցեր։

 

Այս առիթով, յատուկ կերպով անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի ներկայ կացութեան եւ Վատիկանի մէջ ամիսներ առաջ կայացած հոգեւոր պետերու հանդիպման։

 

Աւարտին, Նորին Սրբութիւնը ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը ճաշի հիւրը եղան Պատրիարքին։

 

Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետին պատուիրակութեան մաս կազմեցին Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան, Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան, Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան եւ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան։