Հինգշաբթի, 8 Յուլիս 2021-ի երեկոյեան, Լոս Անճըլըսի Ազգային Առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան ընթացքին, յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան Կիլիկեան Իշխանի շքանշանով պարգեւատրեց տէր եւ տիկին Կարօ եւ Սօսի Էշկիեանը: Յայտնենք, որ Կարօ Էշկիեան անցնող տարիներու ընթացքին, իր նիւթական մասնակցութիւնը բերած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան, նաեւ Ամերիկայի Արեւմտեան թեմին առնչուած ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանին ու Արցախին: Ան երկար տարիներ եղած է Ազգ. Վարչութեան անդամ, ապա ատենապետ եւ գաղութի զանազան կառոյցներու գործօն անդամ:
Հանդիսութեան աւարտին, իր արտասանած խօսքին մէջ, Կարօ Էշկիեան խոստացաւ շարունակել իր գործօն մասնակցութիւնը բերել թեմական ու գաղութային աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ իր նիւթական աջակցութիւնը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն: