30 July, 2021

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԴԻՒԱՆՆ ՈՒ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԻ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻՆ

Հինգշաբթի, 29 Յուլիս 2021-ին, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան դիւանը եւ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնուհին այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ։

 

Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումին, առաջին հերթին, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետը շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ հօր՝ հաստատելով, որ անցնող երկամեակին Համազգայինը յատուկ կերպով վայելած է Արամ Ա. Կաթողիկոսին հայրական գուրգուրոտ վերաբերմունքը, ինչպէս նաեւ արժանացած է անոր քաջալերանքին եւ զօրակցութեան։

 

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան մշակութային կեանքը յուզող հարցեր։ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան դիւանը ներկայացուց ներկայ հանգրուանին Համազգայինի դիմագրաւած մարտահրաւէրները, աշխատանքները եւ ծրագիրները։

 

Նորին Սրբութիւնը, իր կարգին, բարձր գնահատեց Համազգայինի Շրջանային վարչութեան գործունէութիւնը եւ անոր հովանիին տակ գործող գեղարուեստի դպրոցներու աշխատանքները, ինչպէս նաեւ թելադրանքներ ու ցուցմունքներ փոխանցեց Շրջանային վարչութեան։

 

More News