ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ «ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ»Ը ՆՈՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒ ՍԵՄԻՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչական հիմնադրամ»ի հերթական նիստը տեղի ունեցաւ 14 սեպտեմբեր 2021-ին, Պիքֆայա, նախագահութեամբ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին։ Նիստին մասնակցեցան յանձնախումբի ատենապետ Երուանդ Փամպուքեան, անդամներ՝ Շահան Գանտահարեան, Կիրօ Մանոյեան (հեռակայ) եւ Խաչիկ Տէտէեան։ Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց մայիս 18-ին, Երեւանի մէջ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած «Հայաստանի Ա․ Հանրապետութեան 100-ամեակ․գիտաժողովի նիւթեր (21-23 մարտ 2018)» հատորին շնորհահանդէսը։ Հիմնադրամի այս 14-րդ հատորը Հայաստանի…