23 September, 2021

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆՈՐԱԿԱԶՄ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ՆԱԽԱՐԱՐ ՃՈՐՃ ՊՈՒՉԻՔԵԱՆԸ

Հինգշաբթի, 23 Սեպտեմբեր 2021-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին իր առաջին այցելութիւնը տուաւ նորակազմ կառավարութեան մէջ հայ համայնքը ներկայացնող ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեանը: Նախարար Պուչիքեան իր աշխատանքին սկսելէ առաջ Վեհափառ Հայրապետին այցելած էր անոր օրհնութիւնը ստանալու համար: Արդարեւ, նախարարը իր խոստումը տուաւ Նորին Սրբութեան Լիբանանի ու Լիբանանի հայութեան նուիրումով ծառայելու: Ապա, ան ընդհանուր գիծերով պարզեց իր յառաջիկայ աշխատանքին առաջնահերթութիւնները:

 

 

Նորին Սրբութիւնը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց նախարարին Պուչիքեանին՝ անոր ցուցաբերած նուիրումին ու ծառայելու յանձնառութեան համար: Հայրապետը յատկապէս շեշտեց, որ երկրի տնտեսութեան զարգացման ծիրէն ներս ճարտարարուեստի նախարարութիւնը առանցքային դեր ունի յատկապէս այս օրերուն, եւ, հետեւաբար, ան յոյս յայտնեց, որ պարոն նախարարը այս գիտակցութեամբ ու պատասխանատուութեամբ պիտի կազմակերպէ նախարարութեան գործունէութիւնը: