Չորեքշաբթի, 7 Յուլիս 2021-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց, Կ. Պոլսոյ եւ Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Գերապայծառ Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանը։
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Վատիկանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու ժողովին եւ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ նոր պատրիարքի ընտրութեան հոլովոյթին հետ աղերս ունեցող հարցեր։