Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՈՅԻ ԵՒ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ

Չորեքշաբթի, 18 Օգոստոս 2021-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ երկար հանդիպում մը ունեցան Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամներէն Յակոբ Խաչերեանը եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի հերթապահ Տարօն Տէր Խաչատուրեանը:

 

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան ընդհանրապէս Սփիւռքի եւ յատկապէս Գալիֆորնիոյ հայութեան առնչուած հարցեր, նաեւ յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի հայութեան օժանդակութեան գծով կատարուող աշխատանքներուն: