ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԻՐ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՅՏՆԵՑ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՊԱՏԱՀՈՂ ՄԵԾԱԾԱՒԱԼ ՀՐԴԵՀՆԵՐՈՒՆ ԳԾՈՎ

Երկուշաբթի, 9 Օգոստոս 2021-ին, Յունաստանի վարչապետին, նախագահին եւ արքեպիսկոպոսին յղած իր նամակներուն մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր ցաւն ու մտահոգութիւնը յայտնեց վերջերս Յունաստանի մէջ պատահած եւ տակաւի շարունակուող մեծածաւալ հրդեհներուն գծով։ Նորին Սրբութիւնը միաժամանակ յայտնեց, որ իր աղօթքներուն մէջ կը յիշէ հրդեհներուն պատճառով զոհ գացած յոյն ժողովուրդի զաւակները։

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Հինգշաբթի, 5 Օգոստոս 2021-ին, Լիբանանի մօտ Գերմանիոյ դեսպան Անտրէաս Քինտլ եւ տիկինը այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարան, ուր ընդունուեցան թանգարանի նախկին տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի եւ ներկայ տեսուչ Հոգշ. Տ. Արտաւազդ Վրդ. Շարոյեանի կողմէ։ Ներկայացնելով Հայոց Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն անցած եւ սակայն յարութեամբ ոտքի կանգնած Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատմութիւնը, հայր սուրբերը դեսպանին եւ…