ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ Մ.Ա.Ե.Խ.-Ի ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ.) Գործադիր Վարչութեան ժողովը առցանց գումարուեցաւ 3 Օգոստոս 2021-ին։ Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ժողովին մասնակցեցան Ծոցի Երկիրներու Եկեղեցիներու Խորհուրդի ատենապետ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջ-եկեղեցական յանձնախումբի եւ Մ.Ա.Ե.Խ.-ի Գործադիր Վարչութեան անդամ Դոկտ. Ժան Սալմանեան։

 

Առաջին հերթին, վաւերացուեցաւ նախորդ ժողովին ատենագրութիւնը, որմէ ետք քննարկուեցան ներքին վարչական հարցեր։ Ապա, ժողովը կատարեց աստուածաբանութեան եւ միջ-եկեղեցական բաժանմունքի նշանակում եւ քննարկեց Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն գոյութեան մարտահրաւէրներուն եւ ճակատագիրին մասին Մ.Ա.Ե.Խ.-ի ընդհանուր քարտուղարին զեկոյցը՝ վերջերս Վատիկանի մէջ կատարուած Լիբանանի հոգեւոր պետերուն հանդիպումին լոյսին տակ։

 

Ժողովը նաեւ յատուկ յանձնախումբ մը յառաջացուց Մ.Ա.Ե.Խ.-ին կանոնագրութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու, հարկ եղած յօդուածները վերատեսութեան ենթարկելու եւ յառաջիկայ ժողովին բարեփոխութեան առաջարկներ ներկայացնելու։ Յիշեալ յանձնախումբին մէջ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու ընտանիքը կը ներկայացնէ Դոկտ. Ժան Սալմանեան։

 

Նշենք, որ յառաջիկայ ժողովը նախատեսուած է գումարել Փետրուար 2022-ին, իսկ Մ.Ա.Ե.Խ.-ի Ընդհանուր Ժողովը՝ Մայիսին։