Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐԸ

Երեքշաբթի, 3 Օգոստոս 2021-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց հետեւեալ այցելուները.-   ա) «Labora» քրիստոնէական ընկերային-մարդասիրական ընկերութեան տնօրէնն ու վարչական խորհուրդը, որոնք Վեհափառ Հայրապետին զեկուցեցին իրենց կազմակերպութեան կատարած ընկերային ծառայութեան մասին։   բ) «Մասիս» մարզական միութեան վարչութիւնը, որ ընդհանուր գիծերով ներկայացուց իր գործունէութիւնը յատկապէս վերջին շրջանին՝ ընկերային օժանդակութեան մարզէն…