Չորեքշաբթի, 8 Սեպտեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Ազունիէի ազգային բուժարանի խնամակալութեան դիւանը: Հանդիպման ընթացին Նորին Սրբութիւնը զեկոյց մը ստացաւ վերջին ամիսներուն բուժարանի գործունէութեան մասին:
Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց բուժարանի խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան կատարած աշխատանքներուն, եւ ընդհանրապէս բուժարանին գործունէութեան գծով: Նորին Սրբութիւնը նաեւ գնահատեց Նիւ Եորքի խնամակալութեան կատարած հետեւողական նպաստը՝ յատկապէս տնտեսական լուրջ դժուարութիւններով լեցուն այս օրերուն:
Արդարեւ, Հայրապետը շեշտեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ամբողջական զօրակցութիւնը առողջապահական բնագաւառէն ներս կարեւոր առաքելութեան լծուած ազգային այս կառոյցին: