ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Ուրբաթ, 3 Սեպտեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանային վարչութիւնը, առաջնորդութեամբ ատենապետ եւ նոյն կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան անդամ տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի:

 

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի ներքին կացութեան, ապա լայնօրէն քննարկուեցաւ Լիբանանի հայութեան դիմագրաւած տագնապը: Այս ծիրէն ներս, վարչութիւնը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Նորին Սրբութեան՝ Լիբանանի հայութեան օժանդակութեան գծով իր տարած հետեւողական աշխատանքներուն համար, եւ վերահաստատեց կուսակցութեան պատրաստակամութիւնը մասնակից դառնալու Լիբանանի հայութեան վերակազմակերպման նպաստող բոլոր աշխատանքներուն: