Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ

Շաբաթ, 17 Յուլիս 2021-ին, Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար հետեւեալ հանդիպումները ունեցաւ.-

 

— Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին հետ։ Քննարկուեցան Լիբանանը դիմագրաւող ներկայ տագնապին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հայ համայնքի կառոյցներու աշխատանքներուն առաւել կենսաւորման եւ կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութեան առնչուած հարցեր։

 

— Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատան փոխ կառավարիչ Ալէքս Մուրատեանի հետ։ Փոխ կառավարիչը Վեհափառ Հայրապետին պարզեց Լիբանանի դրամատնային աշխատանքներուն առնչուած դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ այդ գծով Կեդրոնական Դրամատան պատկերացումները։

 

— Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան խումբ մը անդամներուն հետ։ Լեռնագնացութեան մեկնելէ առաջ, իրենց հոգեւոր խորհրդատու հայր Արտաւազդին գլխաւորութեամբ, ներկայացան Նորին Սրբութեան՝ ստանալու համար անոր հայրական օրհնութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց Միութեան անդամներուն կողմէ ինքնաբուխ կերպով կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակելու աշխատանքը եւ այս առիթով Միութեան փոխանցեց իր եւ Կաթողիկոսութեան զօրակցութիւնը։