Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ՏԻՒՐԶԻ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԻՆ

Հինգշաբթի, 7 Հոկտեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի տիւրզի համայնքի նորընտիր հոգեւոր պետ Շէյխ Սամի Ապու Ալ-Մունայի, համայնքի Պէյրութի կեդրոնատեղիին մէջ:

 

Նորին Սրբութիւնը, ողջունելով Շէյխ Ապու Ալ-Մունայի ընտրութիւն, մաղթեց, որ անոր նուիրեալ աշխատանքով ո՛չ միայն տիւրզի համայնքը առաւել կը ծաղկի ու կը բարգաւաճի, այլ նաեւ կարեւոր նպաստ կը բերէ Լիբանանի ներքին միասնականութեան ամրապնդման: Լիբանանը ըլլալով համայնքային երկիր՝ իւրաքանչիւր համայնք իր իւրայատուկ դերը ունի Լիբանանի յառաջդիմութեան ու հզօրացման մէջ, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը: Ան յիշեցուց, որ Շուֆի շրջանին մէջ հին ժամանակներէ ի վեր հայեր բնակութիւն հաստատած են, յատկապէս անդրադարձաւ Ազունիէի հայ բուժարանին ծառայութեան, որ հայ-տիւրզի գոյակցութեան շօշափելի արտայայտութիւնը եղած է։

 

Շէյխ Սամի Ապու Ալ-Մունա, իր կարգին, իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին այցելութեան ու բարեմաղթութեանց համար: Ան ըսաւ, որ Նորին Սրբութիւնը ո՛չ միայն հինէն կը ճանչնայ, այլ նաեւ հիացումով հետեւած է իր ելոյթներուն, Լիբանանէն ներս թէ դուրս, յատկապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան մարզէն ներս: Նորընտիր Շէյխը նաեւ յատուկ յարգանքով արտայայտուեցաւ հայութեան մասին, իբրեւ երկրի կարեւոր համայնքներէն մէկը, իր կարգին շեշտելով՝ միջ-կրօնական գործակցութեան կարեւորութիւնը որպէս հիմքը Լիբանանի ինքնութեան:

 

Լսելով Վեհափառ Հայրապետին այցելութեան մասին հանդիպումին միացաւ նաեւ տիւրզի համայնքի նախկին հոգեւոր պետը՝ Շէյխ Ապու Մուհիպ Նաիմ Սայիտ Հասանը: Ան եւս գնահատանքով արտայայտուեցաւ հայ համայնքին մասին եւ շեշտեց միջ-կրօնական գործակցութեան կարեւորութիւնը:

 

Վեհափառ Հայրապետին կ՚ընկերանային Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան, Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան, Հոգշ. Տ. Սարգիս Աբղ. Աբրահամեան եւ դոկտ. Ժան Սալմանեան: Իսկ Շէյխ Ապու Ալ-Մունայի կողքին ներկայ էին տիւրզի դպրոցներու ընդհանուր պատասխանատուն, քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան տիւրզի համայնքի ներկայացուցիչը եւ Շէյխին աւագ որդին: