Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ

Երկուշաբթի, 20 Ապրիլ 2015-ի երեկոյեան, Վեհարանի դահլիճին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց, Սուրիոյ մէջ դժնդակ պայմաններու բերումով Լիբանան ապաստանած, Սուրիոյ հայ համայնքի զաւակները: Հանդիպումին ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի նախկին Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեան եւ սուրիահպատակ Միաբան Հայրեր:

Ողջունելով ներկաները, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն տունն է: Հետեւաբար, այս գիտակցութեամբ, նախանձախնդրութեամբ ու նաեւ համարձակութեամբ Անթիլիասի Մայրավանք պէտք է այցելէք»: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ ստեղծուած տագնապին յիշեցուց, որ Սուրիոյ հայ համայնքը պատմութեան մէջ ունի իր արմատները, կազմակերպ ու աշխուժ համայնք է եւ կարեւոր տեղ ու դեր ունի ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի ու մասնաւորաբար սփիւռքահայ կեանքէն ներս: Հետեւաբար, Սուրիոյ հայ համայնքին պահպանումը, անոր անվտանգութիւնը, անոր կառոյցներուն օժանդակութիւնը համազգային առաջնահերթութիւն է: Որպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն, այս մօտեցումով ու յանձնառութեամբ մենք պիտի շարունակենք աջակցիլ Սուրիոյ հայութեան:

Խօսելով Լիբանան գտնուող Սուրիոյ հայերուն մասին Նորին Սուրբ Օծութիւնը ըսաւ, թէ ինք իր Հայրական թելադրութիւնները կատարած է լիբանանահայ կրօնական, համայնքային ու բարեսիրական կառոյցներուն՝ առաւելագոյն չափով օգտակար հանդիսանալու մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց այս ուղղութեամբ իրենց ծառայութիւնը մատուցող կառոյցներուն: Այս առիթով, Արամ Ա. Կաթողիկոս նաեւ կո՛չ ուղղեց լիբանանահայ գործատէրերուն, յատուկ ճիգ թափելու աշխատանքի կարելիութիւններ ստեղծելու սուրիահայ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն: Իր խօսքի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը մաղթեց, որ շուտով խաղաղութիւնը վերահաստատուի Սուրիայէն ներս, որպէսզի պայմաններու պարտադրանքով Սուրիայէն հեռացած մեր ժողովուրդի զաւակները վերադառնան եւ մեր ազգային-եկեղեցական կեանքը վերստին գտնէ իր կենսունակութիւնը: Աւարտին, ներկաները աջահամբոյրով ստացան իրենց Հովուապետին օրհնութիւնը:

Ապա, Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն, որու աւարտին Գերշ. Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեան, իր սրտի խօսքը ուղղեց, կարեւորութեամբ անդրադառնալով Սուրիոյ հայ համայնքին դերակատարութեան՝ մեր ազգային, կրօնական, կրթական ու մշակութային մարզերէն ներս: Մաղթելով, որ շուտով ապահովութիւնը կրկին հաստատուի Սուրիայէն ներս, որպէսզի մեր զաւակները կարենան վերակազմակերպել իրենց համայնքային կեանքը: