ՎԱՏԻԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԴԱՐՁԱՒ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ ԳԼԽԱՒՈՐ ՀԱՐՑԵՐԷՆ ՄԷԿԸ
Վատիկան կատարած իր եռօրեայ այցելութեան ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յաճախակի առիթներով անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման հարցին։ Առաջին հերթին Վեհափառը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին մասին խօսեցաւ Ֆրանսիս Պապին հետ իր ունեցած առանձին հանդիպման ընթացքին՝ առաջարկելով որ այս առիթով Պապը իր զօրակցութիւնը յայտնէ հայ ժողովուրդին։ Նոյն յիշեցումը կատարեց Վեհափառը Պապին ուղղած իր հրապարակային պաշտօնական…