Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ

Կիրակի 1 Յունիսին, Պէյրութի Ասորիներու Ս. Աֆրամ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ասորիներու նորընտիր հոգեւոր պետ՝ Իգնատիոս Աֆրամ Բ. Պատրիարքի գահակալութիւնը։ Այլ հոգեւոր պետերու շարքին գահակալութեան արարողութեան նաեւ ներկայ էր Վեհափառ Հայրապետը, իր կողքին ունենալով Լիբանանի հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանը եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանը։

Գահակալութեան ընթացքին խօսք առաւ Վեհափառ Հայրապետը: Ան նախ շեշտեց Հայ եւ Ասորի Եկեղեցիներու հաւատքի միութիւնը ամրացնելու ու գործակցութիւնը զօրացնելու հրամայականը: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ յիշեց որ երկար տարինեըէ ի վեր մօտէն կը ճանչնայ նորընտիր Պատրիարքը: Ապա անոր մաղթեց իրագործումներով հարուստ գահակալութիւն:

Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ ի պատիւ նորընտիր Պատրիարքին, որուն ներկայ գտնուեցաւ յանուն Վեհափառ Հայրապետին Գերպ. Տ. Փառէն Ծ. Վրդ. Վարդանեանը: