Ուրբաթ, 13 Յունիս 2014-ի առաւօտուն, Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Պրն. Դեսպանը բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառին՝ Վատիկանէն վերադարձին։ Վեհափառ Հայրապետը իր գոհունակութիւնը յայտնեց Վատիկան կատարած իր այցելութեան ու յատկապէս այդ առիթով Սրբազան Քահանայապետին ու Վատիկանի բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ իր ունեցած հանդիպումներուն գծով։
Հանդիպման ընթացքին նաեւ անդրադարձ եղաւ Հայաստանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի յանձնախումբի ժողովին եւ ընդհանրապէս 100-ամեակի նախապատրաստական աշխատանքներուն։ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու ու հայ ժողովուրդի միասնականութեան աւելի շօշափելի արտայայտութիւն տալու հրամայականը՝ մասնաւորաբար ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին: