Չորեքշաբթի 11 Յունիս 2014-ին, Վեհափառ Հայրապետը յատուկ պատգամ մը ուղղեց Սուրիոյ մէջ մարդկային իրաւանց բռնաբարումները քննելու կոչուած միջազգային յանձնախումբի նախագահ՝ Դոկտ. Փաւլօ Սէրժիօ Փինհէյրոյին։ Իր պատգամին մէջ Վեհափառը պահանջեց, որ Քէսապի հարցը յատուկ քննութեան առարկայ դառնայ՝ նկատի ունենալով Թուրքիոյ բացասական դերը այս գծով։ Վեհափառը յատկապէս ըսաւ. ” երբ հայ ժողովուրդը կը պատրաստուի Օսմանեան թուրք պետութեան կողմէ իր դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան 100-ամեակը նշելու, այլ ողբերգութիւն մը պարտադրուեցաւ մեր ժողովուրդին Թուրքիոյ կողմէ։ Արդարեւ, Քէսապի մեր ժողովուրդը, որ տեղահան դարձած էր պատմական Կիլիկիայէն, ահա դարձեալ նո՛յն ողբերգութեան ենթարկուեցաւ”։ Ապա Վեհափառը կ՛առաջարկէ անհրաժեշտութեան պարագային իր ներկայացուցիչը ղրկել իր մօտ ճշգրիտ տեղեկութիւններ փոխանցելու Քէսապի հարցին մասին։
Յիշեալ յանձնախումբը նշանակուած է Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Մարդկային Իրաւանց Յանձնաժողովին կողմէ եւ ներկայ ամսուան աւարտին ան իր տեղեկագիրը պիտի ներկայացնէ Ապահովական Խորհուրդին։
Յայտնենք, որ վերջերս Վատիկան կատարած Վեհափառ Հայրապետին այցելութեան ընթացքին, Սուրիոյ հայութեան տագնապը, քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած դժուարութիւններու ծիրէն ներս, յաճախակի կերպով արծարծուեցան՝ Պապին, Պետական Քարտուղարին եւ մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ տեղի ունեցած հանդիպումներու ընթացքին։