Չորեքշաբթի 11 Յունիս 2014-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլի։
Շուրջ ժամ մը տեւող խօսակցութեան ընթացքին, քննարկուեցան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքին ու յատկապէս Սուրիոյ ու Լիբանանին առնչուած հարցեր։
Վեհափառ Հայրապետը տեղեակ պահեց դեսպանը Վատիկանի մէջ այս ուղղութեամբ իր ունեցած խորհրդակցութիւններուն մասին։ Դեսպանը, իր կարգին Վեհափառ Հայրապետին պարզեց Սուրիոյ ու Լիբանանի դիմագրաւած հարցերուն գծով Միացեալ Նահանգներու մտահոգութիւնն ու տեսակէտը։