«ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՈՅԺԵՐ» ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐԸ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԵՏ

Չորեքշաբթի, 26 Ապրիլ 2017-ի յետ միջօրէին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանք այցելեցին «Լիբանանեան Ոյժեր» Կուսակցութեան համալսարանական ուսանողները՝ երկխօսութիւն ունենալու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ, ինչպէս նաեւ մօտէն ծանօթանալու Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան: Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց ուսանողները։ Ուսանողներու կողմէ համալսարանի դասախօսը խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, որ այս գեղեցիկ առիթը ընծայած…