ԱՆԳԼԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 6 Ապրիլ 2017-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Անգլիոյ Դեսպան՝ Հիւկօ Շորթըրին։

 

Շուրջ ժամ մը տեւող հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ, որ Նորին Սրբութիւնը եւ Դեսպանը քննարկեն ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի ներքին կացութեան առնչուած հարցեր։ Վեհափառ Հայրապետը Դեսպան Շորթըրին լայն բացատրութիւն տուաւ Լիբանանի հայ համայնքին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան մասին։

 

Յայտնենք նաեւ, որ այս առիթով Նորին Սրբութիւնը տեղեկութիւններ փոխանցեց Դեսպան Հիւկոյին Հայ եւ Անկլիքան եկեղեցիներու յարաբերութեան ու գործակցութեան շուրջ։