«ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԵՐԲ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ՓՈԹՈՐԻԿՆԵՐՈՒ ՆԱՅԵՑԱ՛Ւ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՅԴ ՅԱՐՈՒԹԵԱՄԲ ՀԶՕՐԱՑՈՒՑ ԻՐ ԿԵԱՆՔԸ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

  Մեր Տիրոջ ու Փրկիչին Յարութեան Հրաշափառ տօնին առիթով, Կիրակի, 16 Ապրիլ 2017-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքի շրջափակը լեցուն էր հաւատացեալներու հոծ բազմութեամբ, որոնք եկած էին լուսաւորուելու եւ քաջալերուելու Քրիստոսի մահուան վրայ տարած յաղթանակով: Հաւատացեալներու կողքին ներկայ էին նաեւ այլ համայնքներու հոգեւոր թէ քաղաքական պատասխանատուներ ու ներկայացուցիչներ, որոնք եկած էին շնորհաւորելու Նորին Սրբութեան Ս.…