«Հայաստան» Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի ժողովը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 27 Մայիս 2017-ին Կառավարութեան ընդունելութեան պալատին մէջ, նախագահութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանի։
Սոյն ժողովին յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին մասնակցեցաւ Թեհրանի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանը։ Սրբազանը ժողովի ընթաքին ժողովականներուն փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները ժողովի արդիւնբերութեան համար, միաժամանակ շնորհաւորելով հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդին 25-ամեակը։
Սրբազան Հայրը մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող Մայիսեան տօնակատարութիւններուն, յատկապէս Սարդարապատի եւ Ապարանի մէջ։ Սարդարապատի մէջ մասնակցեցաւ նահատակներուն մատուցուած ծաղկեմատոյցին եւ տեղւոյն թանգարանին մէջ տեղի ունեցած ցուցահանդէսին իսկ Ապարանի մէջ ալ մասնակցեցաւ ժողովրդական տօնակատարութեան։