Շաբաթ առաւօտուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Ֆրանսայի «Հայաստան» Հիմնադրամի Յանձնախումբի Նախագահ՝ Պետրոս Թէրզեանի: Այցելութեան հիմնական նպատակն էր խորհրդակցիլ Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն մասին:
Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդի զաւակներուն, Սուրբ Ծննդեան աւետաբեր տօնին առիթով, Վեհափառ Հայրապետը հովուապետական այցելութիւն տուած էր Հալէպ, եւ այդ առիթով վերականգնումի կոչ ուղղած էր Հալէպէն՝ շեշտելով միասնական ճիգով Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի անյետաձգելի հրամայականը:
Պրն. Թէրզեանին այցելութիւնը առիթ մը եղաւ ընդհանուր գիծերով քննելու սուրիահայութեան վերականգնումի գործընթացը իր տնտեսական, շինարարական եւ համայնքային երեսներով: Հանդիպման ընթացքին որոշուեցաւ Ապրիլ 22-ին, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս խորհրդակցական հանդիպում մը կազմակերպել յիշեալ հարցին շուրջ: