ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 3 Մայիս 2017-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր գրասենեակին մԷջ ընդունեց այցելութիւնը Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նախագահ Տիար Պերճ Սեդրակեանի: Հանդիպման ներկայ Էր նաեւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ նախկին նախարար՝ Արթիւր Նազարեան:

 

         Աւելի քան ժամ մը տեւող հանդիպումին քննարկուեցան Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնն ու Սփիւռքը յուզող մարտահրաւէրները: