Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑՆԵՐԸ ԱՊՐԻԼ 24-Ի ԱՌԻԹՈՎ

Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ ամեակի նախաշեմին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս անցնող քանի մը օրերու ընթացքին հետեւեալ հարցազրոյցները ունեցաւ. Իտալիոյ լրատուական հեռատեսիլի կայաններուն հետ, լիբանանեան հեռատեսիլի կայաններուն հետ (որոնք Վեհափառ Հայրապետին խօսքը պիտի սփռեն Ուրբաթ՝ 21 Ապրիլ 2017-ի երեկոյեան ժամը 05։00-ին, Լիբանանեան Ոյժերու կողմէ տեղի ունենալիք ձեռնարկին ընթացքին)։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ ընդհանրապէս Հայ Դատի գծով իրեն ուղղուած հեռաձայնային հարցումներուն պատասխանեց՝ Շուէտի ու Գերմանիոյ համացանցի լրատուական կայքէջերուն։