ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴՈՒԵՑԱՒ ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԹԱՓՕՐԻՆ

Կիրակի 9 Ապրիլ 2017-ին, Ծաղկազարդի տօնը արժանաւորապէս նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս հազարաւոր մանուկներու, երիտասարդ-երիտասարդուհիներու եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մասնակցութեամբ, որոնք եկեղեցական արարողութեամբ ու աւանդական թափօրով դիմաւորեցին Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ։

 

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան: Պատարագի սկիզբը մանուկներու աւանդական թափօրը առաջնորդուեցաւ միաբան հայրերու եւ դպրեվանեցիներու մասնակցութեամբ: Թափօրը դուրս եկաւ Մայր Տաճարէն եւ Մայրավանքի տարածքը շրջան ընելով վերադարձաւ Մայրավանքի շրջափակ: Թափօրի աւարտին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ Վեհարանէն ողջունեց ու իր պատգամը փոխանցեց ներկայ հազարաւոր բազմութեան։

 

Իր պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Մեր ժողովուրդի զաւակներուն ու յատկապէս մեր ծնողներուն ու մանուկներուն բազմահազար ներկայութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքը դարձեալ ծաղկազարդուեցաւ։ Այսօր եկաք հոգեւոր ապրումներով դիմաւորելու մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ։ Քրիստոս խոնարհ մուտք ունեցաւ Երուսաղէմ, սակայն՝ յաղթակա՛ն մուտք։ Յաղթական, որովհետեւ ժողովուրդը հաւատքի մղումով եկաւ զինք դիմաւորելու. յաղթական, որովհետեւ Ան արդէն հասած էր իր երկրաւոր առաքելութեան աւարտին՝ այս երկրին վրայ հաստատելով Իր երկնային թագաւորութիւնը։ Այսօր, մենք նաեւ ազգային տեսիլքով կ՚ողջունենք Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ։ Դարեր շարունակ մենք նոյն այս ոգիով ու հաւատքով դիմաւորեցինք զՔրիստոս, որովհետեւ Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքին մէջ մենք տեսանք մեր ժողովուրդի յաղթանակը, աշխարհի չարերուն ու չարիքներուն դէմ։ Մենք տեսանք մեր ժողովուրդի կեանքի ծաղկազարդումը։ Այսօր, նայեցէք ձեր շուրջը, հակառակ մեր դիմագրաւած մտահոգութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն, ծաղկազարդուած է հայ կեանքը՝ Հայաստանի, Ղարաբաղի թէ Սփիւռքի մէջ։ Այսօր, Ծաղկազարդի տօնէն եկող խորհուրդով ու պատգամով աւելի գօտեպնդուած ու վերանորոգուած, մենք կոչուած ենք աւելիո՛վ պայծառակերպելու ու ծաղկազարդելու մեր կեանքը՝ հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներու կենսաւորումով, մեր ազգային իղձերու ամրապնդումով, մեր պետական հիմքերու ամրացումով, Ղարաբաղի անկախութեան հզօրացումով, մեր Սփիւռքի գաղութներու առաւել կազմակերպումով»։

 

Հայրապետական պատգամէն անմիջապէս ետք, բազմահազար մանուկներ բարձրացան Վեհարան ու աջահամբոյրով ստացան Նորին Սրբութեան հայրական օրհնութիւնը: Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը նուէրներ բաշխեց մանուկներուն՝ աւելի եւս ուրախացնելու անոնց տօնական մթնոլորտը:

 

Նոյն օրը՝ յետմիջօրէին, հանդիսապետութեամ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին տեղի ունեցաւ Դռնբացէքի խորհրդաւոր արարողութիւնը: Դռնբացէքի արարողութիւնը կատարեց Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան։ Իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը Դռնբացէքի իմաստը ու պատգամը փոխանցեց ներկայ հաւատացեալներուն:

 

Այսպիսով, Հայ Եկեղեցին մուտք գործեց Յիսուս Քրիստոսի տնօրինական կեանքի վերջին շրջանը ներկայացնող Աւագ Շաբաթը՝ ոտնլուայի ճամբով հետեւելու Քրիստոսի օրինակին, Վերջին Ընթրիքով ճաշակելու Անոր մարմնէն, մասնակից դառնալու Անոր չարչարանքներուն եւ Յաղթական Յարութեամբ պսակելու յառաջիկայ Սուրբ Շաբաթը: