ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՏԱՍԸ ԿՈՒՍԱՆԱՑ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆԸ

Աւագ Երեքշաբթի օրուան ընթացքին Հայ Եկեղեցին կը շարունակէ նշել մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի գալստեան խորհուրդը, որուն նուիրուած են օրուան աստուածաշնչական ընթերցումներն ու շարականները։ 11 Ապրիլ 2017-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, տեղի ունեցաւ Աւագ Երեքշաբթի օրուան յատուկ «Տասը Կուսանաց» յիշատակի «Երեկոյեան» ժամերգութիւնը։ Մատթէոս Աւետարանի 24-րդ գլխուն մէջ պատմուած «Տասը Կոյսերու» առակը, ուրկէ առնուած է ժամերգութեան անունը, կո՛չ մըն է քրիստոնեաներուն պատրաստ վիճակի մէջ ըլլալու Տիրոջ երկրորդ գալուստը դիմաւորելու։

Աւետարանական ընթերցումի ընթացքին Մայրավանքի Կիրակնօրեայ Վարժարանի տասը ուսանողուհիներ առաջնորդուեցան Մայր Տաճարին դասը, իրենց ձեռքին ունենալով լապտերներ։ Առակին մէջ փեսային գալուստը նկարագրող բաժնի ընթերցանութեան ընթացքին, ուսանողներէն հինգը շիջուցին իրենց լապտերներուն մոմերը, որպէս խորհրդանիշ անպատրաստ եւ յիմար կոյսերուն։ Իսկ միւս հինգը վառ պահեցին իրենց մոմերը, որպէս խորհրդանիշ իմաստուն կոյսերուն, որոնք պատրաստ էին փեսային գալստեան։ Առակը յիշեցում մըն է, որ քրիստոնեաներ պարտին իրենց կեանքերը ապրիլ աւետարանական ճշմարտութեանց գիտակցութեամբ եւ իրենք զիրենք պատրաստել Տիրոջ դատաստանին առջեւ կանգնելու։

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, Մայր Տաճարի փոխ-լուսարարապետ՝ Հոգշ. Տ. Լեւոն Աբղ. Եղիայեանի առաջնորդութեամբ, «տասը կոյսերը» եւ իրենց ծնողները բարձրացան Վեհարան, ուր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց եւ օրհնեց զիրենք։ Նորին Սրբութիւնը խօսելով օրուան խորհուրդին մասին իր հայրական թելադրութիւնները կատարեց։ Ան նաեւ յիշեցուց մեր եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ աւանդութիւններուն, կառչած մնալու կարեւորութիւնը։ Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը իւրաքանչիւր ուսանողուհիի օրհնուած խաչ մը նուիրեց։