ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ՈՐԲԵՐՆ ՈՒ ԹԵՐԱՃՆԵՐԸ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՃԱՇԻ ՀԻՒՐԸ ԵՂԱՆ

Հայ ժողովուրդի պատմութեան ընթացքին, Սիսէն մինչեւ Անթիլիաս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը յատուկ կարեւորութիւն ընծայած է բարեսիրական հաստատութիւններու եւ միութիւններու՝ հիմնելով ու հովանաւորելով ծերանոցներ, որբանոցներ, կուրանոցներ եւ այլ մարդասիրական հաստատութիւններ:

Արդարեւ, Շաբաթ՝ 6 Մայիս 2017-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընդունեց «Թռչնոց Բոյն» եւ «Զուարթնոց» մարդասիրական հաստատութիւններու 75 որբերն ու թերաճները։ Զոյգ կեդրոններու սաները երգերով, պարերով ու արտասանութեամբ ուրախացան եւ ուրախացուցին Նորին Սրբութիւնը:

Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին օրհնելով աշակերտները՝ շեշտեց մեր հաւաքական կեանքին մէջ նման մարդասիրական հաստատութիւններու կարեւորութիւնը եւ իր գնահատական խօսքը փոխանցեց անոնց պատասխանատու ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն՝ իրենց տարած ծառայանուէր աշխատանքին համար:

Ապա, Լիբանանի հայ որբերն ու թերաճները ,սիրոյ սեղանի շուրջ, ճաշի հիւրերը եղան Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, որ իր հայրական հովանիին ներքեւ հաւաքելով զիրենք՝ քաջալերեց ու վստահեցուց, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը հովանի ու պաշտպան պիտի ըլլայ բոլոր մարդասիրական եւ ընկերային ծառայութիւններ մատուցող հաստատութիւններուն:

Աւարտին, Նորին Սրբութիւնը յիշատակի նուէրներով ուրախացուց որբերն ու թերաճները։