14 March, 2017

ՄԻՋ-ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄՐԱՊՆԴՈՂ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ

   Քաղաքացիական շարժումը նոր ընթացք եւ լայն արձագանգ սկսած է գտնել բոլոր ընկերութիւններու կեանքէն ներս: Վերջին տարիներուն յիշեալ շարժումը զանազան արտայայտութիւններ սկսած է ունենալ Լիբանանի բոլոր շրջաններէն ներս, որոնց նպատակը մէկ կողմէ ժողովրդային բողոքը աւելի ազդու դարձնելն է՝ ժողովուրդի առօրեայ կեանքին հետ կապ ունեցող հարցերու գծով, եւ միւս կողմէ միջ-կրօնական ու միջ-համայնքային գործակցութիւնն ու գոյակցութիւնը աւելի ամրապնդել:

         Կիրակի օր յիշեալ շարժումը ներկայացնող շուրջ 75 անձերէ բաղկացած խումբ մը այցելեց Անթիլիասի Մայրավանք, իսկ երէկ կէսօրէ առաջ յիշեալ շարժումը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելած էր Վեհափառ Հայրապետին:

         Նորին Սրբութիւնը ողջունելով զանազան համայնքներէ բաղկացած սոյն պատուիրակութիւնը, շեշտեց միջ-կրօնական ու համայնքային գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը Լիբանանը յուզող ընդհանրական հարցերու շուրջ: Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Պետութեան հիմքը ժողովուրդն է: Պետական մարմինները ժողովուրդին կողմէ կ՚ընտրուին եւ համարատու են ժողովուրդին: Անոնք պարտաւոր են լսել ժողովուրդին ձայնը եւ ընդառաջել ժողովուրդի կարիքներուն ու պահանջքներուն»:

More News