ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ
Հրամանաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն վերջերս լոյս տեսաւ «Ձայնագրեալ Շարական Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ» շարքին 8-րդ հատորը։ Սոյն հատորը իր մէջ կը բովանդակէ Մարտիրոսաց «Օրհնութիւն»ներու կանոնները եւ Մարտիրոսաց «Հարց»երը՝ իրենց սարքերով։ Ձայնագրեալ շարականներու այս հատորներուն նպատակն է եկեղեցական երգեցողութեանց միատեսակութիւն ստեղծել։ Անոնց մէջ նաեւ պահպանուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աւանդական…