14 May, 2017

«ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՎԵՐԱՊՐԵՑՈՒՑ «ԱՆՈՒՇ» ԵՒ «ԴԱՒԻԹ ԲԵԿ» ՕՓԵՐԱՆԵՐԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբը, ներկայութեամբ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Շաբաթ՝ 13 Մայիս 2017-ին, «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանի սրահին մէջ անգամ մը եւս հայ երգարուեստի գոհարներ հրամցուց, երաժշտասէր հանրութեան ներկայացնելով հայ երգահան, հայկական-ազգային օփերայի հիմնադիր՝ Արմէն Տիգրանեանի աշխարհահռչակ «Անուշ» եւ «Դաւիթ Բեկ» օփերաները:

 

«Շնորհալի» երգչախումբը ղեկավարութեամբ Դպրեվանքի փոխ-տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Գարեգին Վրդ. Շխրտմեանի, հերթաբար ներկայացուց հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ որպէս ժողովրդական-քնարական օփերա առաջինը հանդիսացող «Անուշ»ը, եւ ապա 18-րդ դարու սկիզբը ծայր առած օտար հարստահարութիւններու դէմ հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարը պատմող «Դաւիթ Բեկ»ը։

 

Վեհափառ Հայրապետին կողքին մշակութաբոյր ելոյթին ներկայ էին Միաբան Հայրեր, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, պետական ներկայացուցիչներ, բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու, զանազան հաստատութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հայ թէ օտար երաժշտասէր հոծ բազմութիւն մը:

 

«Շնորհալի» երգչախումբը երգի ու երաժշտութեան ճամբով հայ մշակոյթ եւ հայ բարձրորակ արուեստ ջամբեց հանրութեան՝ մեներգներու եւ խմբերգներու ճամբով։

 

Շուրջ երկու ժամ տեւող համերգի աւարտին բեմ բարձրացաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, որ իր հայրապետական խօսքին մէջ վեր առնելով զոյգ օփերաներու ներկայացուցած երաժշտական արժէքները՝ յայտնեց, որ անցեալին Դպրեվանքին, հայ վարժարաններուն, հայկական թաղերուն մէջ եւ գրեթէ ամէն տեղ կ՚երգուէին այս երգերը, եւ հին սերունդը մեծցած ու կազմաւորուած է անոնց հոգիով, շունչով, յղացքով ու թռիչքով: Սակայն այսօր, դժբախտաբար, հայկական մշակոյթէ ու արուեստէ հեռու երգեր ու երաժշտութիւններ սկսած են մուտք գործել մեր կեանքէն ներս։

 

Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին մէջ նաեւ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց մեներգողներուն, երգչախումբի բոլոր անդամներուն, դաշնակահարուհիին, ինչպէս նաեւ ղեկավար Հայր Սուրբին։ Այս առիթով, առ ի գնահատանք երկար տարիներու ծառայական աշխատանքին, Վեհափառ Հայրապետը Հայր Սուրբին շնորհեց լանջախաչ կրելու իշխանութիւն, եւ լանջախաչով մը զարդարեց անոր կուրծքը։ Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, թէ յառաջիկայ տարիներուն «Շնորհալի» երգչախումբի ղեկավարի պաշտօնը պիտի վարէ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանը, փոխ-խմբավարութեամբ՝ Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեանի:

 

Երեկոն վերջ գտաւ «Կիլիկիա» քայլերգով:

More News