«ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄԻ ՅՈՅՍՈՎ» ԽՈՐԱԳՐԵԱԼ ՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը դարեր շարունակ պաշտպանն է եղած հայ մշակոյթին եւ արուեստին, ինչպէս նաեւ անոր զարգացման հոլովոյթին։ Ան նեցուկ կանգնած է հայ մշակոյթին՝ արժեւորելով թէ՛ արուեստը եւ թէ՛ արուեստագէտը, որուն մեծագոյն վկաներն են անցնող տասնամեակներու ընթացքին Կիլիկեան Կաթողիկոսներու կողմէ գնահատուած ու պարգեւատրուած արուեստագէտները։

Նոյն նախանձախնդրութենէն մեկնած, Հինգշաբթի, 25 Մայիս 2017-ին, հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, կազմակերպութեամբ Կաթողիկոսարանիս Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին, Անթիլիասի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ արուեստագիտուհի Նանոր Քիւրիւմլեան-Հաճեանի «Վերանորոգումի Յոյսով» խորագրեալ նկարչական ցուցահանդէսին բացման հանդիսութիւնը: Սոյն նկարչական ցուցահանդէսը ձօնուած է Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ծննդեան 70-ամեակին:

Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին կողմէ բացման խօսքով հանդէս եկաւ Բաժանմունքի անձնախումբի անդամներէն՝ Տիկ. Ժանին Դանիէլեանը, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, բոլորին անունով շնորհաւորեց Նորին Սրբութեան ծննդեան 70-ամեակը, անոր մաղթելով ոյժ եւ կորով, առաքելութեան յաջողութիւն, արեւշատութիւն, գարնանաբոյր օրեր եւ բեղուն ծառայութեան երկայ տարիներ: Ան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատար հանդիսացան սոյն ցուցահանդէսի կազմակերպման ու իրականացման:

Բացման խօսքէն անմիջապէս ետք իր սրտին խօսքը փոխանցեց արուեստագիտուհի Նանոր Քիւրիւմլեան-Հաճեանը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք Նորին Սրբութեան ընձեռած այս առիթին համար, իր խօսքին մէջ կարեւորութեամբ յիշեց ու շեշտեց, թէ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան շրջափակին մէջ էր, որ իմ ներսիդիս ծնունդ առաւ արուեստագէտի յատուկ շնորհքը եւ Անթիլիասը ի՛նք եղաւ ձիրքերուս ծննդավայրը»:

Ապա, Վեհափառ Հայրապետին անունով ներկաներուն ողջոյնի խօսք փոխանցեց ու ցուցահանդէսը բացուած յայտարարեց Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, որ ակնարկելով ցուցահանդէսի խորագիրին, յիշեցուց Հայրապետին կողմէ տնօրինուած 2017 թուականի «Վերանորոգութեան Տարի» հռչակումը, որուն լոյսին տակ խօսեցաւ արուեստի ու մշակոյթի ճամբով մարդուս վերանորոգման յատկանիշերուն մասին:

Կարեւորութեամբ յիշենք, որ ցուցահանդէսին կը ցուցադրուին արուեստագիտուհիին 62 գործերը, որոնցմէ 19 հատը հոգեւոր բնոյթի ստեղծագործութիւններ են: Արուեստագիտուհիին ցուցադրուած գործերը նկարազարդուած են իւղաներկով, ջրաներկով ու այլ նկարչական նիւթերով, որոնք մեծաւ մասամբ քաղուած են Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մեծագոյն հոգեւոր երգիչներէն՝ Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին «Հաւատով Խոստովանիմ» աղօթքէն:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ Հինգշաբթի, 8 Յունիս 2017: